Ձիւն/Միջն./Երկրդ.

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Ձիւնագնացութիւն
Միջնակարգ/Երկրորդական

Օդի աննպաստ պայմաններու պատճառով քանի մը անգամ յետաձգուելէ ետք, վերջապէս իրականացաւ միջնակարգի եւ երկրորդականի ձիւնագնացութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 8 Մարտին։
Առաւօտեան աշակերտները դպրոց ժամանեցին ձիւնագնացութեան  յատուկ տարազներով՝ գլխարկ, ձեռնոց, մոյկ եւայլն…
Հանրաշարժները բարձրաանլով՝ ուղղուեցան Ֆառայա։ Աշակերտներու կ’ընկերանային վարժարանի տնօրէն Պրն. Զօհրապ Ղազարեանն ու դաստիարակ ուսուցիչները։
Ֆառայա հասնելով աշակերտները վազելով իջան ու սկսան իրենց խաղերուն։ Ոմանք դիտեցին, ուրիշներ ձիւնագնդակներու պատերազմ մը յայտարարեցին. կարգ մը դասարաններ գեղեցիկ ձիւնամարդեր շինեցին… իսկ բլուրն ի վար սահիլը՝ ամենէն հաճելին թուեցաւ շատերուն… մինչեւիսկ ուսուցչուհիներուն։
Բաւական ժամանակ անցընելէ ետք, անգամ մը եւս հանրաշարժ՝ այս անգամ գոհացնելու համար անօթի ստամոքսները։ Ճաշարան հասնելով ամէն մարդ կերաւ, կշտացաւ ու աւելի ուշ վերադարձ դէպի դպրոց։ Յոգնած բայցեւայնպէս՝ գոհ…


Categories: