Հրշէջներու Այցելութիւն/Մանկապարտէզ

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

    Հրշէջներու Կեդրոն
   Հինգշաբթի 22 Մարտ 2012ին, մանկապարտէզի Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները այցելեցին հրշէջներու կեդրոնը։
Հոն՝ անոնք դիտեցին հրշէջին տարազը, Փոխադրակառքը եւ անոր մէջ գտնուող կրակը մարելու յատուկ սարքերը, իսկական կրակը մարելու գործընթացը եւ հիւանդի մը շտապ օգնութիւնը։ Փոքրիկները գիտցան, թէ հրշէջի կեդրոնին թիւը 175 է. նաեւ սորվեցան, թէ պէտք չէ կրակին մօտենալ, հրահանով, մոմով ու լուցկիով խաղալ կամ փուռին կոճակներուն դպչիլ։
Այս բոլորը հետաքրքրութեամբ դիտելէ ու մտիկ ընելէ ետք փոքրիկները վերադարձան դպրոց։

 


Categories: