Հաղորդութիւն

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

       Ս. Հաղորդութիւն
Ամէն տարուան վերամուտին նման, այս տարի եւս, Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլէճի աշակերտները հաւաքուեցան սրահ, ստանալու համար Ս. Հաղորդութիւնը։
Վարժարանի աշակերտներուն համար աւանդութիւն դարձած է  դպրոցական տարեշրջանը սկսիլ այս ձեւով։
Հաղորդութեան արարողութիւնը վարեց Տ. Սարգիս Քհն. Սարգիսեան, որ նա՛խ օրուան պատգամը փոխանցեց աշակերտութեան, ապա՝ յաջողութիւն մաղթեց 2012-2013 տարեշրջանի իրենց աշխատանքներուն։
Խոստովանանքէն ետք, աշակերտները դասարան առ դասարան մօտեցան եւ հաղորդուեցան ձեռամբ Տէր Սարգիսին եո Տէր  Նարեկ Քհն. Հաճեանին։


Categories: