Կաղանդի Տօնակատարութիւն

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Կաղանդի Տօնակատարութիւն
Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի աշակերտները Հինգշաբթի, 27 եւ Ուրբաթ, 28 Դեկտեմբերին տօնեցին Ամանորը։
Նախակրթարանի աշակերտները Հինգշաբթի դիմաւորեցին Կաղանդ Պապուկը, որուն դիմաց ցուցաբերեցին իրենց գեղարուեստական ձիռքերը՝ գեղեցիկ յայտագիր մը ներկայացնելով։ Անոնք երգեցին, արտասանեցին եւ պարեցին Կաղանդ Պապային դիմաց, որ իրենցմէ գոհ մնալով՝ նուէրներ բաժնեց։
Ուրբաթ առտու, Ա.-ԺԲ. դասարաններու աշակերտները Ս. հաղորդութիւն ստացան Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ տաճարին մէջ։ Ապա անոնք ուղղուեցան վարժարան, ուր իւրաքանչիւր դասարան ունեցաւ իր հաւաքական նախաճաշը։ Կարճ զբօսանքէ մը ետք, աշակերտները իջան սրահ, ուր իրենց կը սպասէր անակնկալ մը՝ կրկէսը։ Աւելի քան մէկ ժամ տեւող ներկայացումի մը ընթացքին, աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ հետեւեցան, ուրախացան, ծափահարեցին ու մինչեւիսկ մասնակցեցան կարգ մը բաժիններուն։


Categories: