Ծառատնկում՝ Արցախեան Ազատամարտիկներու Յիշատակին

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

     Ծառատնկում
Արցախի ազատագրական պայքարին ինկած ազատամարտիկներու յիշատակը վառ պահելու համար, Արցախի Օժանդակութեան Մարմնի նախաձեռնութեամբ ծառատնկումի աշխատանք կը տարուի հայկական վարժարաններէն ներս։
Հինգշաբթի, 6 Մարտին, այդ աշխատանքը տեղի ունեցաւ մեր վարժարանէն ներս։ Աշակերտները նախ սրահ հաւաքուեցան, ուր Արցախի ազատամարտիկ Մերուժան Մոսիյեանի մասին տեսերիզ մը դիտեցին։ Ապա, բակին մէջ արմատներ նետեց Մերուժանի նուիրուած ծառը։


Categories: