Թ. Դասարանի տարեկան Պտոյտ 

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Թ. դասարանի այս տարեշրջանի դպրոցական վերջին օրը Ուրբաթ՝ 9 Մայիսին էր:
Աշակերտները դպրոց եկան առանց գիրքի ու պայուսակի եւ իրենց դաստիարակին ընկերակցութեամբ ուղղուեցան Ժպէյլ: Հոն այցելեցին նաւահանգիստն ու ճեմեցին պատմական քաղաքին հին փողոցներուն ու շուկաներուն մէջ: Անոնցմէ մաս մը այցելեց մոմի թանգարանը, մինչ ուրիշներ նախընտրեցին հեծանիւով հետազօտել շրջանը: Ապա, անոնք ճաշեցին ու հաճելի պահեր անցընելէ ետք վերադարձան դպրոց:


Categories: