Թարգմանչաց Տօն 2014-15

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Հինգշաբթի, 18 Հոկտեմբեր 2014-ին, Քոլէճի Նախակրթարանը պատշաճ կերպով նշեց Թարգմանչաց Տօնը:
Արդարեւ, աշակերտները հանդէս եկան հայերէն լեզուի փառքը հիւսող ասմունքներով ու երգերով:
Զ. դասարանը ներկայացուց թատրոն մը, որուն ընդմէջէն աշակերտները ծանօթացան Հայ Գիրերու Գիւտի զանազան հանգրուաններուն եւ Մեսրոպ Մաշտոցի ու Սահակ Պարթեւի կատարած անզուգական աշխատանքին:
Օրուան խորհուրդը փոխանցեց Քոլէճի հայերէն լեզուի համադրող՝ օրդ. Թալին Օրտողլեանը: Ան փոքրիկներուն հասկնալի ոճով ու օրինակներով բացատրեց «Թարգմանչաց» բառին իմաստը եւ սեփական գիր ունենալու ու զայն պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Աշակերտական խորհուրդի կազմակերպութեամբ, 17 Հոկտեմբերին, երկրորդական կարգի աշակերտները ունեցան Թարգմանչաց տօնին նուիրուած իրենց ձեռնարկը:
Ձեռնարկներու  աւարտին, աշակերտները ստացան այս առիթով պատրաստուած իւրայատուկ տետրակներ: