Է.-ԺԱ. Տարեկան Պտոյտ

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Է.-ԺԱ. Տարեկան Պտոյտ
Միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները Ուրբաթ, 31 Մայիսին ունեցան իրենց տարեկան պտոյտը՝ դէպի Ֆաքրա։
Երգով, թմբուկով ու խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ աշակերտները հասան դաշտագնացութեան վայրը, ուր իւրաքանչիւր դասասրան ընտրեց իր վայրը եւ անմիջապէս լծուեցաւ գործի։ Սեղանները պատրաստուեցան, միսն ու հաւը դրուեցան կրակարաններուն վրայ՝ խորովելու համար։ Դաստիարակներն ու իրենց աշակերտները մեղուի նման կ’աշխատէին. իսկ մաս մըն ալ վայրը կը հետազօտէր, կամ կը խաղար։
Կէսօրին ամէն ինչ պատրաստ էր։ Բոլոր աշակերտները նստան ճաշելու համեղ խորովածը։
Աւելի ուշ, բաւական հաճելի ժամանակ անցընելէ ետք, դարձեալ հանրաշարժ բարձրացան…  սակայն այս անգամ դէպի դպրոց:


Categories: