ԶՈՄի Դէպի Արցախ Ծրագիր

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

ԶՈՄի Դէպի Արցախ Ծրագիր
Երեքշաբթի, 28 Փետրոարին, ԺԲ. դասարանի աշակերտները հետաքրքրական հանդիպում մը ունեցան ԶՈՄի ներկայացուցիչներու հետ, որոնք խօսեցան Դէպի Արցախ գործուղղումներու ծրագիրին մասին։
Աշակերտներուն նախ ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը, որ կը խօսէր 2004էն ի վեր սկսած ծրագիրին եւ յատկապէս 2011ի ամրան տեղի ունեցած աշխատանքին մասին։ Հոն կ’երեւէր  Քաշաթաղ շրջանը, որուն մանուկները մասնակցած էին ԶՈՄի ամառնային ճամբարին։
Տեսաերիզի ցուցադրութենէն ետք,  ԶՈՄի ներկայացուցիչը այլ մանրամասնութիւններ ալ փոխանցեց ճամբարի առօրեայէն եւ Քաշաթաղի գիւղերուն մէջ տիրող իրավիճակէն։


Categories: