Դրօշակի Արարողութիւն

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Հայաստանի Անկախութեան Տօնին առիթով տարիներէ ի վեր աւանդութիւն դարձած  դրօշակի արարողութիւնը  այս տարի մեր   վարժարանէն ներս տեղի ունեցաւ 27 Մայիսին: Հ.Մ.Ը.Մ. Անթիլիաս մասնաճիւղէն խմբապետներ ներկայացան վարժարան, ուր պատրաստ կը սպասէին սկաուտ-աշակերտները՝ իրենց սկաուտական տարազներով:

Դրօշակի արարողութեան ընկերակցեցաւ մասնաճիւղին փոքրիկ շեփորախումբը: Ապա՝ խմբապետուհի մը կարդաց օրուան պատգամը, որմէ ետք խօսք առաւ Քոլէճի տնօրէն Պրն. Զօհրապ Ղազարեան, որ շեշտեց 28 Մայիսի ճակատագրական կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ:


Categories: