Դրօշակի Արարողութիւն

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Դրօշակի Արարողութիւն
28 Մայիս 1918ի Հայաստանի անկախութեան առիթով ՀՄԸՄի Անթիլիասի մասնաճիւղը դրօշակի արարողութիւն մը կատարեց վարժարանէն ներս՝ Ուրբաթ, 24 Մայիսին։
Տարազաւոր աշակերտները դպրոց ժամանած էին իրենց սկաուտական տարազներով։ Զանգին ամէն մարդ շարքի էր, իսկ սկաուտները՝ բեմին վրայ։ Եռագոյն դրօշը բարձրացաւ. սկաուտները երգեցին «Յառաջ Նահատակ»ը։ Ապա՝ անոնց խմբապետը փոխանցեց օրուան պատգամը։
Արարողութեան աւապտին, աշակերտներուն բաժնուեցան թռուցիկներ։


Categories: