Դէպի Թատրոն

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Դէպի Թատրոն
Ուրբաթ, 28 Հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10։30ին կանգ առին դասապահերը Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլէճի Ա-Բ-Գ դասարաններուն համար, որոնց աշակերտները բարձրացան հանրաշարժերը՝ մեկնելու համար Պուրճ համուտի Յ. Տէր Մելքոնեան թատերասրահը, ուր պիտի դառնային հանդիսատեսներ մանկապատանեկան թատերգութեան մը։ Հերոսները իրենց նման մանուկներ էին, իսկ նիւթը կը խօսէր մանուկներու իրաւոնքներուն մասին։
Փոքրիկ աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ հետեւեցան դերասաններուն շարժուձեւերուն եւ արտայայտութիւններուն։ Անոնք դիտեցին ու զուարճացան։ Դերասանները երգով ու պարով ներկայացուցին իրենց նիւթը՝ յաւելեալ խանդավառութիւն ստեղծելով սրահին մէջ։
Աշակերտներու ուրախ ու զուրթ վերադարձան վարժարան։


Categories: