Դասախօսութիւն/ Լութֆիկ Այվազեան

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Արաբական Գարունը
    Չորեքշաբթի, 31 Հոկտեմբերին, վարժարանի երկրորդականի աշակերտները ներկայ եղան շահեկան դասախօսութեան մը, որ ներկայացուեցաւ Պրն. Լութֆիկ Այվազեանի կողմէ։
Նիւթը կ’առնչուէր երկու տարիէ ի վեր արաբական աշխարհը յուզող իրադարձութիւններուն եւ «յեղափոխութիւններուն»։ Պրն. Այվազեան մանրամասնօրէն ներկայացուց տիրող իրավիճակը, արմատական իսլամական շարժումներուն դերակատարութիւնն ու ազդեցութիւնը։ Անոր նիւթին առանցքը կը կազմէր  Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները եւ սուրիահայերը։ Ան մեկնաբանեց տիրող իրավիճակը եւ փոխանցեց նախատեսութիւնները  վարչակարգի փոփոխութեան պարագային։
Պրն. Այվազեան աւարտին պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն։


Categories: