Դասախօսութիւն/Սպայից Վարժարան

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Հանդիպում Զօր. Գաբրիէլեանի Հետ
     Երեքշաբթի, 21 Փետրուարին, վարժարանի երկրորդականի  աշակերտները հանդիպում մը ունեցան լիբանանեան բանակի զօրավարներէն՝ Նազօ Գաբրիէլեանի հետ։
Զօր. Գաբրիէլեան աշակերտներուն խօսեցաւ սպայից վարժարանին եւ հոն մուտք գործելու պայմաններուն մասին։ Ան մանրամասնօրէն բացատրեց, թէ սպայից վարժարան մտնելու համար ինչ պէտք է ընել։ Ան խօսեցաւ նաեւ ընդհանրապէս բանակին եւ անոր անդամակցելու պայմաններուն եւ առաւելութիւններուն մասին։ Զօրավարը շեշտը դրաւ հայ սպաներ ունենալու կարեւորութեան վրայ եւ քաջալերեց աշակերտները այդ ուղղութեամբ մտածելու։
Հանդիպումին ընթացքին ան պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներոււն։


Categories: