Դասախօսութիւն/Նախակրթարան

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Դասախօսութիւններ Նախակրթարանի Մէջ
   Յունուար 2012ին, վարժարանին ընկերային ծառայութեան եւ հիւանդապահութեան գրասենեակները կազմակերպեցին շարք մը դասախօսութիւններ նախակրթարանի աշակերտներուն համար։
Ընկերային ծառայող Տիկին Ալին Թաշճեան Ա.-Զ. դասարաններու աշակերտներուն խօսեցաւ «Ճշմարտախօսութեան եւ Անկեղծութեան կարեւորութիւնը մեր առօրեայ կեանքին մէջ» նիւթին մասին։ Աշակերտները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան նիւթին եւ անհրաժեշտ հարցումները հարցուցին։
Իսկ հիւանդապահուհի Տիկին Ալինա Քէշիշեան նոյն դասարաններու աշակերտներուն խօսեցաւ «Մանրէներէ պաշտպանուելու միջոցներ եւ Hygiene» նիւթիւն մասին։ Ան օրինակներով բացատրեց մանաւանդ փոքրիկներուն, թէ ինչպէս պէտք է հոգ տանին իրենց մաքրութեան։


Categories: