Գնել Դուրեանի Այցելութիւնը

[ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Գնել Դուրեանի Այցելութիւնը
Երկուշաբթի, 17 Հոկտեմբերին, Ազգ՛ Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճ այցելեց Դոկտ. Գնել Դուրեան, սր «Աստուած եւ Տիեզերքը» խորագրով դասախօսութիւն մը ներկայացուց երկրորդականի աշակերտներուն։
Դոկտ. Դուրեան, որ բնագէտ է, խօսեցաւ գիտութեան եւ կրօնքի ու հաւատքի մասին, շեշտելով, որ անոնք զուգահեռական գիծերով կը քալեն։ Ան դիտել տուաւ, որ գիտնականներ կրնան գիտական բացատրութիւններ տալ շատ մը երեւոյթներու, բայցեւայնպէս միշտ ալ կանգ կ՛առնեն կարգ մը այլ երեւոյթներու դիմաց եւ մեւնաբանութիւն չեն կրնար կատարել։
Դասախօսութեան աւարտին, դասախօսը պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն։


Categories: