Բարեկենդան/Վարդանանք

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Վարդանանք/ Բարեկենդան
Ա.-Բ.-Գ.

Ուրբաթ, 17 Փետրուարին, Ա.-Բ.-Գ. դասարաններու աշակերտները՝ իրենց ձեռայինի պահերուն պատրաստած դիմակներով ու գլխարկներով ծպտուած, հաւաքուեցան սրահ՝ միասնաբար տօնելու Վարդանանց յաղթանակն ու Բարեկենդանը։
Վարժարանի ուսուցչուհիներէն՝ Տիկին Թամար Ստեփանեան պարզ ու յստակ ս»ոճով ներկայացուց Վարդանանց խորհուրդն ու Աւարայրի ճակատամարտը։ Ապա, աշակերտները դասարան առ դասարան հանդէս եկան Վարդանանցի նուիրուած երգերով եւ արտասանութիւններով։
Յայտագրի երկրորդ բաժինը նուիրուած էր Բարեկենդանի։ Արդարեւ, աշակերտները խումբ առ խումբ մասնակցեցան զանազան խաղերու ու շահեցան նուէրներ։
Ուրախ մթնոլորտը աւարտեցաւ հիւրասիրութեամբ։


Categories: