Բարեկենդան/Մանկապարտէզ

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ
Ուրբաթ, 17 Փետրուար ժամը 10։30ին, Ազգ. Ս. Մանուկեան Մանկապարտէզի փոքրիկները հաւաքուեցան սրահ, ուր տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի տօնակատարութիւնը, որ աւելի քան մէկ ժամ տեւեց։
Փոքրիկները երգեցին, խաղերու մասնակցեցան եւ նուէրներ շահեցան։ Իր ներկայութեամբ ու մասնակցութեամբ, խամաճիկը աւելի եւս խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեց։ Տօնակատարութեան ընթացքին հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ։
Այդ օր փոքրիկները, զանազան տեսակի դիմակներով ծպտուած, տուն վերադարձան։


Categories: