Արցախ/ Նախակրթարան

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Արցախեան Ձեռնարկ
Ա.-Զ. Դասարաններու
Հինգշաբթի, 28  Փետրուարին, Քոլէճի Ա.-Զ. դասարաններու աշակերտները հաւաքուեցան սրահ՝ միասնաբար տօնելու Արցախեան Ազատագրական Պայքարի 25րդ ամեակը:
Ձեռնարկի բացումը կատարեցին աշակերտները՝ Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով: Ապա յաջորդաբար բեմ բարձրացան Բ., Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտները, որոնք ներկայացուցին «Ղարաբաղի Բալիկն Ենք», «Ոտքի Ելէք Հայեր» երգերը:
Օրուան բանախօսն էր Քոլէճի շրջանաւարտ եւ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիր Օրդ. Արշօ Պալեան: Ան նկարներու ընդմէջէն ներկայացուց Արցախն ու Արցախեան Պայքարը ե զայն կերտող հերոսները, որմէ ետք ներկաները «փոխադրուեցան» Արցախ՝ դիտելով «Ղարաբաղ, Թագնուած Գանձ» տեսերիզը:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Գետաշէն» երգով:


Categories: