Արտասանութեան Մրցանք

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

     Արտասանութեան Մրցանք
     Ուրբաթ, 23 Սարտին, Գ. եւ Դ. դասարաններէն Ռուբէն Մարտիրոսեան եւ Շուշի Գոճայեան մասնակցեցան Ազգ. Ուսումնական Խորհուրդի կողմէ կազմակերպուած արտասանական մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Ազգ. Ս. Յակոբեան Քոլէճի սրահին մէջ։
Աշակերտները պատրաստած էին պարտադիր եւ ազատ կտորներ նուիրուած Հայաստանի։  Ռուբէնը եւ Շուշին շատ լաւ ձեւով արտասանեցին բոլոր ներկաներուն դիմաց։
Մրցանքին աւարտին, Ռուբէն արժանացաւ գնահատանքի, իսկ Շուշի հանդիսացաւ երրորդ։


Categories: