Արեւելումի Հանդիպում

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Արեւելումի Հանդիպում
Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութեան կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի, 15 Դեկտեմբերին, համալսարանական արեւելումի հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ։ Վարժարանիս ԺԱ. եւ ԺԲ. կարգերու աշակերտները ներկայ եղան այս հանդիպումին։
Հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Լիբանանի մէջ գործող տասնեակ մը համալսարաններ, որոնք ներկայ աշակերտներուն փոխանցեցին անհրաժեշտ գիտելիքներն ու ցուցմունքները, ինչպէս նաեւ ցրուեցին յատուկ գրքոյկներ՝ իրենց համալսարաններուն մասին։
Արեւելումի այս հանդիպումները՝ վարժարանէն ներս, թէ դուրս, առիթը կու տան երկրորդականի աշակերտներուն լրջօրէն մտածելու իրենց համալսարանական ուսման եւ ընտրելիք մասնագիտութեան մասին։


Categories: