Արարատի Լեռնագնաց

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Րաֆֆի Թոգաթլեան՝
Արարատի լեռնագնաց

Աշխարհի տարածքին բազմաթիւ բարձր գագաթներ նուաճած լեռնագնաց Րաֆֆի Թոգաթլեան Ուրբաթ, 18 Նոյեմբերին այցելեց Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճ՝ ընդառաջելով վարժարանին հրաւէրին։
Րաֆֆի Թոգաթլեան անցեալ Օգոստոսին բախտը եւ առիթը ունեցած էր բարձրանալու հայոց սրբազնագոյն լերան՝ Արարատի գագաթը։ Այս առիթով ան խօսեցաւ աշակերտներուն իր ունեցած արկածախնդրութեան մասին, ինչպէս նաեւ մանրամասնութիւններ եւ տեղեկութիւններ փոխանցեց  Արարատի լեռնագնացութեան մասին։
Թոգաթլեան պատրաստած էր տեսաերիզ մը, ուր արձանագրուած էր չորս օրուան մագլցումը։
Ձեռնարկի աւարտին Թոգաթլեան պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն։


Categories: