Առաջնորդ Սրբազանին Այցելութիւնը

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Առաջնորդ Սրբազանին Այցելութիւնը
Ուրբաթ, 20 Դեկտեմբերին, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի հարիւրաւոր աշակերտները, ուսուցիչները, տնօրէնն ու խնամակալութեան անդամները ծափողջոյններով ընդունեցին Լիբանանի թեմի նորընտիր Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Շահէ Եպիսկոպոս Փանոսեանը։
Առաջնորդ Սրբազանը նախ կարճ հանդիպում մը ունեցաւ տնօրէնին եւ խնամակալութեան անդամներուն հետ, ապա՝ բոլորը իջան սրահ, ուր աշակերտները պատրաստած էին գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը։
Յայտագրին բացումը կատարեց Բ. դասարանի աշակերտուհի Մանէ Թորոյեան, որ մանկական իր յատուկ ոճով եւ բառերով բարի գալուստ մաղթեց Սրբազանին, շեշտելով, որ Կաղանդ Պապուկին գալուստին չափ ուրախ են Առաջնորդին այցելութեամբ։
Միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներ յաջորդաբար ներկայացուցին երգ՝ Լոռի Զէքեան(Զարթի՛ր Որդեակ)՝ նուագախումբի ընկերակցութեամբ, ասմունք՝ Շահէն Արապօղլեան, նուագ՝ Սիլվիա Սէրայտարեան, ասմունք՝ Լոռի Միթիլեան, նազպար՝ Լարա Գանթարճեան, Ցոլին Գարճիքեան, ասմունք՝ Աւօ Մարտիրոսեան, երգ՝ շուիի ընկերակցութեամբ՝ Նաթալի Մարկոսեան եւ Յովիկ Ադամեան։ Ապա, Սրբազանին կենսագրականը կարդաց Վանայ Մահտեսեան։
Գեղարուեստական յայտագրի աւարտին, բեմ հրաւիրուեցաւ Առաջնորդը, որ իր ուրախութիիւնը յայտնեց Ե. Մանուկեան Քոլէճ այցելութեան համար։ Ան խօսքը ուղղելով աշակերտներուն ըսաւ, որ իրենք են հայ ժողովուրդի ապագան եւ թէ ակնկալութիւնները շատ են այս սերունդէն։ Սրբազանը շեշտեց, որ այս սերունդը պիտի դառնայ վաղուան ղեկավարը։ Ան խոստացաւ յաճախակի այցելութիւններ տալ վարժարանին, որպէսզի իսկապէս աւելի մօտէն ծանօթանայ բոլորին։
Վարժարանի տնօրէն Պրն. Զօհրապ Ղազարեան, իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան հօր, ինչպէս նաեւ՝ յայտագրին մաս կազմող աշակերտներուն։
Աւելի ուշ, Առաջնորդը շրջեցաւ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի դասարանները, ուր մտերմիկ զրոյցներ ունեցաւ աշակերտներուն հետ։ Ան նաեւ ուսուցչարանին մէջ կարճ հանդիպում մը ունեցաւ նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի ուսուցչական կազմին հետ։


Categories: