Անասնաբոյժին Մօտ

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Ծաղիկ Դասարանի Աշակերտները եւ Անասանբոյժը
Հինգշաբթի, 2 Մայիսին, մանկապարտէզի Ծաղիկ դասարանի աշակերտները այցելեցին անասնաբոյժը։
Անասնաբոյժը իրենց բացատրեց, թէ մարդոց նման  անասուններն ալ մաքրութեան եւ հոգատարութեան պէտք ունին առողջ ապրելու համար։ Ան ցոյց տուաւ շուներու եւ կատուներու յատուկ ուտելիքները, անոնց բազմոցներու տեսակները, հագուստներն ու շղթաները, ճաշի ամանները, ակռայի դեղերն ու վրձինները, եւն։ Ապա փոքրիկներուն ցոյց տուաւ անասունները քննելու յատուկ բժշկական առարկաները։
Անասնաբոյժը թոյլ տուաւ աշակերտներուն շոյել իր շունը եւ անոնց խրատեց անասունի մը դպչիլ միայն անոր տիրոջ արտօնութիւնը առնելէ ետք։


Categories: