Այնթուրայի Որբանոցի Այցելութիւն

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

      Միջնակարգը կ՚այցելէ Այնթուրա
   Ապրիլեան ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Ուրբաթ, 20 Ապրիլին, միջնակարգի Է., Ը. եւ Թ. դասարաններու աշակերտները այցելեցին Այնթուրայի St. Joseph վարժարանը, որ համաշխարհային Ա. պատերազմին հայ մանուկներու որբանոց դարձած էր եւ ուր բռնի թրքացումի կ՚ենթարկուէին հայ որբերը։
Աշակերտները՝ իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ, այցելեցին վարժարանը, ուր «Ազդակ»ի խմբագիրներէն Օրդ Նորա Բարսեղեան բացատրութիւններ տուաւ իրենց՝  որբերուն անցուցած օրերուն եւ ապրած դժբախտ պայմաններուն մասին։
Ապա, աշակերտները այցելեցին գերեզմանը, ուր զետեղեցին իրենց ծաղիկները ու մոմեր վառեցին որբերուն յիշատակին կանգնեցուած կոթողին ներքեւ։

 


Categories: