Ամանոր/ Նախակրթարան

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Ամանորի Տօնակատարութիւն՝
Նախակրթարան

Հինգշաբթի, 29 Դեկտեմբերին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ս. Հաղորդութիւն ստանալէ ետք՝ նախակրթարանի աշակերտները վերադարձան դպրոց եւ դաստիարակներուն հետ հաւաքական նախաճաշ մը ունենալէ ետք՝ սկսան Ամանորի տօնախմբութեանց։
Ա-Դ. դասարաններու աշակերտները հաւաքուեցան սրահ, ուր «Ուրախ Տարեդարձ» խումբը իրենց համար պատրաստած էր յատուկ յայտագիր մը։ Աշակերտները երգեցին, պարեցին, նուագեցին, արտասանեցին ու խաղացին։ Աւելի ուշ անոնց միացան նաեւ Ե. եւ Զ. կարգերու աշակերտները, որոնք իրենց դասարաններուն մէջ նոյնքան խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծած էին։
Տօնախմբութեան աւարտին, ժամանեց սպասուած հիւրը՝ Կաղանդ Պապան, որ իր  կարգին երգեց ու պարեց ու ապա՝ նուէրներ բաժնեց բոլորին։


Categories: