Ամանոր/ Միջնակարգ

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Ամանորի Տօնակատարութիւն՝
Միջնակարգ

Միջնակարգի Է.-Ը.եւ Թ. դասարաններու աշակերտները Ամանորի տօնախմբութիւնը սկսան նախ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ս. Հաղորդութիւն ստանալով՝ Հինգշաբթի, 29 Դեկտեմբերին։
Վարժարան վերադառնալով՝ իւրաքանչիւր դասարան իր դաստիարակին հետ, հաւաքուեցաւ՝ տօնելու համար Կաղանդը։
Խրախճանքի մթնոլորտ կը տիրէր ամէն կողմ։ Է. դասարանը իր դասարանին մէջ ստեղծած էր մթնոլորտը, Ը. դասարանները սրահին մէջ, իսկ Թ. դասարանը բացօթեայ կը տօնէր կաղանդը։
Միջնակարգի աշակերտները իրարու հետ նուէրներ փոխանակեցին, երգեցին, պարեցին ու համեղ ուտելիքներ ճաշակեցին…


Categories: