Ամանոր/Նախակրթարան

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Նախակրթարանի Ամանոր
   Նախակրթարանի եւ Միջնակարգի աշակերտները Ամանորը տօնեցին Ուրբաթ, 24 Դեկտեմբերին։
Առաւօտեան ժամը 7։30ին բոլորը ներկայ էին Անթիլիասի Մայր Տաճար, ուր Ս. Հաղորդութիւն ստացան։ Ապա, անոնք ուղղուեցան վարժարան, ուր դասարանային հաւաքական նախաճաշեր ընելէ ետք, Ա-Զ. կարգերու աշակերտները հաւաքուեցան սրահ՝ տօնելու համար Նոր տարին եւ ընդունելու Կաղանդ Պապան։
Ուսուցիչներուն հսկողութեամբ պատրաստուած էր գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն մասնակցութիւն բերին բոլոր դասարանները։ Ապա, անոնք ընդունեցին Կաղանդ պապան ու անոր բերած գեղեցիկ նուէրները։
Է.-Թ. դասարաններու աշակերտները, իրենց կարգին, առանձնաբար ունեցան խրախճանքներ եւ երգով ու պարով տօնեցին Ամանորը։


Categories: