Ամանոր/մանկապարտէզ

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Ամանորի Տօնակատարութիւն
Մանկապարտէզէն Ներս

Հինգշաբթի, 23 Դեկտեմբերին, մանկապարտէզի աշակերտները վարժարան ժամանեցին գունագեղ հագուստներով եւ կաղանդ պապուկի կարմիր գլխարկներով։ Անոնք գիտէին, որ այդ օր սովորական դասի օր չէ եւ թէ Կաղանդ Պապան պիտի այցելէր իրենց ու նուէրներ բաժնէր բոլորին։
Առաջին հերթին, անոնք հանրաշարժերով ուղղուեցան Անթիլիասի մայրավանք, ուր Ս. հաղորդութիւն ստացան ու վերադարձան նախաճաշ ընելու իրենց դասարաններուն մէջ։
Կէսօրին, մանկապարտհէզ ժամանեցին աշակերտներուն ծնողները, որոնք հրաւիրուած էին միասնաբար տօնելու Ամանորը եւ դիմաւորելու Կաղանդ Պապուկը։ Փոքրիկները աւելի քան մէկ ժամ երգեցին, պարեցին ու խաղացին մինչեւ որ հասաւ սպասուած հիւրը՝ Կաղանդ պապան, որուն հետ եւս երգեցին,  պարեցին եւ արտասանեցին։
Կաղանդ Պապան անշուշտ բաժնեց իր բերած նուէրները, որոնք ուրախացուցին բոլորը։


Categories: