Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլէճի Սիրան Մանուկեան Մանկապարտէզի հանդէս

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Մանուկեան» հանդիսասրահի գեղեցկօրէն յարդարուած բեմը, հրաւիրատոմսն ու յայտագիրը կը յուշէին, թէ հանդէսի կեդրոնական նիւթը՝ ամառնային արձակուրդն էր՝ հերոսական Արցախի Մէջ:
Կոկոն դասարանի աշակերտները հանդէսի բացումը կատարեցին՝ Լիբանանի, Հայաստանի ու Քոլէճի քայլերգներով, իսկ Ծաղիկ դասարանէն երեք աշակերտներ կատարեցին բացման խօսքը:
Գոյնզգոյն տարազներով բեմ բարձրացան մանկամսուրի մանուկները, ուրախութեամբ լեցնելով իրենց ծնողներուն ու հարազատներուն սրտերը: Անոնք, իրենց բեմական առաջին փորձառութիւնը ապրեցան` մերթ բեմէն իրենց ծնողները փնտռելով ու մերթ պարելով:
Ապա, Ծաղիկ դասարանի աշակերտները յաջորդաբար ներկայացուցին թատրոնը, զինուորական տարազներով հանդէս եկան «Հայեր, միացէ՛ք» պարով, ապա պարեցին «Նազան իմ եարը» երգի կշռոյթով: Յաջորդաբար, Կոկոնները՝ ներկայացուցին վարդերու եւ զատկաճճիներու պարը իսկ Բողբոջները՝ Թռչուններու եւ «Մեղուներու եւ Թիթեռնիկներու» պարերը, մինչ Ծաղիկ դասարանի աշակերտները մէջընդմէջ հանդէս եկան թատերական պատկերներով, եւ պարերու յատկացուած գեղարուեստական բաժինը փակեցին Հայկական պարով:
Իւրայատուկ էին Ծաղիկ դասարաններու ներկայացուցած զոյգ չափական նուագները: Առաջինը՝ ձեռքերու երգչախումբն էր, երբ փոքրիկները իրենց ձեռքերուն կապած ծաղիկներ ու թիթեռնիկներ, համաչափ շարժումերով հետեւեցան եղանակի կշռոյթին իսկ երկրորդը՝ աթոռներու վրայ նստած ու հետաքրքրական ձեւերով ներկայացուցին չափական նուագը: Ապա երգեցին հայերէն երգեր:
Շրջանաւարտ փոքրիկները՝ իրենց վկայականի տարազներով ու իրենց ձեռքին ունենալով դպրոցին կողմէ իրենց տրամադրուած ընտանեկան լուսանկարները, տողանցեցին սրահէն դէպի բեմ եւ իբրեւ երախտագիտութեան արտայատութին՝ այդ նկարները տուին իրենց ծնողներուն
Գործադիր մանկապարտիզպանուհի՝ Տիկ. Մարալ Էքմէքճեան բեմ հրաւիրեց Քոլէճի տնօրէն Զօհրապ Ղազարեանը, որ խօսք առնելով հաստատեց, թէ ոգեւորող ու յուսադրիչ է տեսնել մանուկներ, որոնք կը խօսին իրենց հայրենիքի յաղթանակներուն, հայրենի հերոսներուն ու հերոսամարտերուն մասին ու աւելցուց.-«Հերոսները կ’անմահանան ահա այսպէս, երբ ժառանգորդները կը խօսին, կը պատմեն եւ՝ ինչու չէ՛, կը քալեն այն ուղիէն, ուրկէ քալած են իրենց հայրերն ու եղբայրները եւ կերտած պատմութիւն, փառք ու յաղթանակ»:
Ան նշեց՝ թէ արձակուրդը անցընել հայրենիքի մէջ, վազվզել անոր բաց դաշտերուն մէջ, շնչել անոր ջինջ օդը, խմել անոր զուլալ ջուրը եւ սորված հայոց պատմութիւնն ու աշխարհագրութիւնը տեսնել ու ապրիլ՝ ամէն հայու երազն է:
Ապա, ան խօսքը փոքրիկներուն ուղղելով ըսաւ, թէ անոնք խթան կը հանդիսանան անձնակազմին, աւելի եւս սիրելու առաքելութիւնը եւ նոր թափով լծուելու սերունդներ կերտելու ծանր աշխատանքին:
Իր խօսքի աւարտին, տնօրէնը մաղթեց, որ 12 տարիներ ետք, նոյն բեմին վրայ, հրաժեշտի խօսք ուղղուի նոյն սերունդին՝ դէպի փայլուն եւ յաղթական ապագայ:Ապա, շնոդհաւորեց ծնողները, ուսուցիչները եւ Քոլէճի մեծ ընտանիքը:
Տնօրէնը, գործադիր մանկապարտիզպանուհին եւ Տէր Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանը կատարեցին վկայականներու բաշխումը:
Տէր Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան, խօսք առնելով հաստատեց, թէ վկայուող սերունդները հայ ժողովուրդի ապագան են, ու մաղթեց որ անոնք աւելի բարձր վկայականներու արժանանան: Հանդէսը վերջ գտաւ հրավառութեամբ:
Մանկապարտէզի վկայական ստացան՝
Ծաղիկ 1
Բարսեղեան Թէա Մարիա
Գարակաւուրեան Բալիկ
Գոլաքճեան Դալար
Զաքարեան Մարիթա
Թահմիզեան Քրիսթի
Թասլագեան Արփի
Թրթռեան Քրիսթէլ
Մարկոսեան Մեղեդի
Արթինեան Էնտրու
Գաթըգլեան Յարութ
Մանճիկեան Կոմս
Միսիսլեան Ալեքս
Պապոյեան Աւետ
Տէր Մեսրոպեան Րաֆֆի
Տիմիճեան Սեւակ
Ծաղիկ 2
Հայէք Սաշա
Խտըրեան Նարին
Կիրակոսեան Ալիք
Կիւլեան Փաթիլ
Պապոյեան Լոռի
Սոլաքեան Լոռի
Տէմիրճեան Գայեանէ
Քէչէպաշեան Վալիա
Աւետիսեան Փօլ
Դաւիթեան Ֆրանքօ
Եափուճեան Շանթ
Կէօզիւպէօիւքեան Արեգ
Մարգարեան Փաուլօ
Պաթանեան Ժան
Նոխուտեան Հրակ


Categories: