Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլէճը կը նշէ Լիբանանի Անկախութիւնը

View Photos [ssba]
Print Friendly, PDF & Email

Երկրորդական

Հինգշաբթի, 27 Նոյեմբերին, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի Աշակերտական խորհուրդը, կոկիկ գեղարուեստական յայտագրի մը ընդմէջէն, նշեց Լիբանանի Անկախութեան տարեդարձը: Օրուան պատգամը փոխանցեց Լիբանանի Խորհրդարանի երեսփոխան Ֆէտի Նաժիպ Ալ Աուար:

Լիբանանի եւ Քոլէճի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, Վանայ Արսլանեան Արաբերէն լեզուով կատարեց բացման խօսքը: Ան շեշտը դրաւ անկախութեան գաղափարին վրայ, որպէս ազատատենչ ժողովուրդներու բնական իրաւունք. Ան զուգահեր մը գծելով Լիբանանցի ու հայ ժողովուրդներուն միջեւ նշեց, որ երկու ժողովուրդներն ալ ճաշակած են Օսմանեան լուծի դառնութիւնը եւ իրենց ազատատենչ զաւակներուն կամքով ու արեամբ թօթափած զայն:

Ապա անդրադարձաւ Լիբանանի ներկայ կացութեան ու քաղաքական տագնապներուն, մաղթելով, որ Լիբանան շրջանցէ այս բոլորը եւ Լիբանանեան հայրենիքի բոլոր զաւակները, համահասար իրաւունքներով եւ պարտաւորութիւններով կերտեն Լիբանանի ապագան:

Մարիա Գարասարգիսեան ասմունքեց անկախութեան նուիրուած բանաստեղծական կտոր մը:

Լոռի Զէքեան մեկնաբանեց «Հհըպպաք Եա Լպնէն» երգը:

Դաշնակի վրայ, Ա. Խաչատուրեանէն դասական կտորով հանդէս եկաւ Հէնրի Իշխանեան:

Ապա, Վանայ Արսլանեան բեմ հրաւիրեց օրուան հիւրը:

Երեսփոխան Ալ Աուար դրուատիքով անդրադարձաւ հայ ժողովուրդին ունեցած դրական ներդրումին, Լիբանանի քաղաքական թէ ընկերային կեանքին մէջ, նշելով, թէ Լիբանան ամբողջական պիտի չըլլայ առաց զայն բաղկացնող իւրաքանչիւր համայնքին, որմէ մէկն է նաեւ հայ համայնքը: Ան կոչ ուղեց աշակերտներուն տէր կանգնելու Լիբանանեան հայրենիքին եւ չլքելու զայն, շեշտելով, որ նոր սերունդն է երկրի ապագան:

Քոլէճի տնօրէն Պրն. Զօհրապ Ղազարեան Ուսումնական խորհուրդին, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան հիւրին:

Ապա տնօրէնին ձեռամբ երեսփոխանին յանձնուեցաւ շնորհակալական յուշանուէր մը, ինչպէս նաեւ հայկական աւանդական միրգերը, գինին ու տուրմը պարունակող սակառ մը:

Միջնակարգ

Միջնակարգի աշակերտութիւնը իւրայատուկ կերպով նշեց Լիբանանի Անկախութիւնը:

Արդարեւ, ամիս մը առաջ, լիբանանի պատմութեան դասատուն իրենց տուած էր անկախութեան առնչուող հարցումներու շարք մը, որոնց պատասխանները պրպտելէ ու գտնելէ ետք, անոնք ունեցան հետաքրքրական զարգացման մրցում մը:

Նախակրթարան

Քոլէճի նախակրթարանի աշակերտութիւնը անդէն ամիս մը առաջ սկսած էր պատրաստուիլ: Աշակերտները իրենց ատենամարզանքի պահերուն ընթացքին, ձեռային աշխատանքով պատրաստած էին Լիբանանի դրօշը պատկերող փողկապներ:

20 Նոյեմբերին կայացաւ նախակթարանի ձեռնարկը, որուն ընթացքին փոքրիկ աշակերտները իրենց սորված հայրենասիրական երգերն ու ասմունքները ներկայացուցին իրենց դասընկեր դասընկերուհիներուն:

Գ. դասարանի տղաքը տողանցեցին բեմին վրայ, իրենց դասընկերներուն նուագած հարուածային գործիքներու երաժշտութեան կշռոյթով, ապա նախակրթարանի երգչախումբը ձեռնարկը եզրափակեց լիբանանին նուիրուած երգերու փունջով մը:


Categories: