Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի Նախակրթարանի «Երգենք, Պարենք, Նուագենք» հանդէս

Ուրբաթ,  26  Մայիս  2017ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Սիրան  Մանուկեան»  քոլէճի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ.  Եղիշէ  Մանուկեան  Քոլէճի  Նախակրթարանի «Երգենք, Պարենք, Նուագենք»  գեղարուեստական հանդէսը: Քայլերգներու ունկնդրութենէն եւ քոլէճի նախակրթարանի պատասխանատու Տիկին Հուրի Քէշիշեանի  բացման խօսքէն ետք ընթացք առաւ հանդէսի գեղարուեստական բաժինը: Յայտագրի Ա. մասը յատկացուած էր երգերու եւ նուագներու: Ա. դասարաններու փոքրիկները ներկայացուցին՝ Մուշեղ Իշխանի […]

Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի Կալա Ընթրիքը

Հինգշաբթի,  11  Մայիս  2017-ի  երեկոյեան, «Le Maillon»   սրահին   մէջ     կայացաւ  Ազգ. Եղիշէ     Մանուկեան     Քոլէճի Կալա  Ընթրիքը,  հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի   Հայոց  Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ  Տէր   Շահէ Եպս. Փանոսեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի Քաղաքապետներուն, Ազգային իշխանութեանց եւ քոլէճի մեծ ընտանիքի մարմիններու   ներկայացուցիչներու: Առաջնորդ հօր  սեղանօրհնէքէն  ետք, Քոլէճի տնօրէն Պրն. Զօհրապ Ղազարեան ողջունեց ներկաները եւ նշեց, թէ աւելի քան 30 տարիներ առաջ հիմնուած քոլէճը իր դրոշմը ձգած է Լիբանանահայ գաղութի […]