Լիբանանի Անկախութեան Տօն

Երկուշաբթի, 21 Նոյեմբեր, 2016-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի կրթական բոլոր օղակները, իւրաքանչիւրը իր ոճով, նշեցին Լիբանանի Անկախութեան Տօնը: Առաւօտուն քոլէճի աշակերտութիւնը հաւաքուեցաւ դրօշակի կայմին շուրջ եւ Լիբանանեան քայլերգի ունկնդրութեամբ կատարուեցաւ դրօշակի արարողութիւնը: Միջնակարգ եւ երկրորդական կարգերու աշակերտներու ձեռնարկի բացման խօսքը կատարեց Կալի Աւագեան, որ շեշտը դրաւ ազգերու անկախ ապրելու իրաւունքին վրայ: Ապա, Աւօ Մարգարեան ասմունքեց […]

Տիկնանց Յանձնախումբի Ճաշի Հաւաքոյթ

Ուրբաթ, 18 Նոյեմբեր 2016-ին, Քոլէճիս Տիկնանց Յանձնախումբի՝ վերամուտի առիթով կազմակերպած Ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Նահր Էլ Քէլպի «Նահր Էլ Ասրար» ճաշարանին մէջ, նախագահութեամբ՝ Տիկին Ոսկի Կէրէքմէզեանի: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տիկնանց Յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկին Ծովիկ Գէորգեանը, որ ողջունեց ներկայ ծնողներն ու բարեկամները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, հաստատելով՝ թէ ձեռնարկը, կը միտի հաճելի մթնոլորտով մը համախմբել ծնողներն […]