Թարգմանչաց տօն

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճի կրթական իւրաքանչիւր օղակը իր ոճով նշեց Թարգմանչաց տօնը ու անդրադարձաւ անոր արժէքին: Հինգշաբթի, 13 Հոկտեմբեր 2016-ին, քոլէճի նախակրթարանի աշակերտները թատրոնով, երգերով իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին մեր թարգմանիչներուն: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք Զ. դասարանէն Ալին Այանեան կատարեց բացման խօսքը, վեր առնելով Թարգմանիչներու կատարած երախտաշատ գործի արժէքը սերունդներու հայապահպանման ի խնդիր: Ապա, Դ. եւ Ե. […]

Անդրանիկ Զոհրապեանի ծնողքը՝ Չորեքշաբթի, 5 Հոկտեմբերին այցելեց Քոլէճ

2016-ի Ապրիլին, Մարտակերտի մարտական գործողութիւններուն ընթացքին իր ընկերներուն հետ հերոսաբար կռուած , թշնամիի երեք յարձակում ետ մղած ու ապա առա՛նց նահանջելու  հերոսի մահով նահատակուած Անդրանիկ Զոհրապեանի ծնողքը՝ Չորեքշաբթի, 5 Հոկտեմբերին այցելեց Քոլէճ: Sնօրէնութեան հետ շրջելէ ետք   քոլէճի զանազան բաժանմունքները, Ատոմ եւ Ալլա Զոհրապեանները հանդիպում ունեցան քոլէճի սրահին մէջ հաւաքուած ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտներուն  հետ: Տնօրէն […]