Կը Յիշենք ու կը Պահանջենք

Քոլէճի աշակերտութիւնը Ապրիլ ամսուան ձեռնարկներու ծիրէն ներս յաջորդաբար ունենալէ ետք աշակերտական ձեռնարկներ, պատի թերթերու պատրաստութիւն, գծագրական մրցանք, քայլարշաւ դէպի մայրավանք,այցելութիւն Պիքֆայյայի Նահատակաց յուշարձան, ինչպէս նաեւ այս առիթովպատրաստելէ ետք որմազդներ ու «Չե՛նք նահանջեր, կը նուաճե՛նք» գրութեամբ ապարանջան մը, Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակին նուիրուած աշխատանքներու եզրափակումը կատարեց ժողովրդային ձեռնարկով եւ յուշակոթողի բացումով: Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ, […]

Ուսուցչաց Տօն

Այս տարի եւս, քոլէճի աւարտական կարգի աշակերտները ստանձնած էին Ուսուցչաց տօնի ձեռնարկի պատրաստութիւնը: Աշակերտները՝ երգով, նուագով, ասմունքով ու տեսերիզով, իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին իրենց ուսուցիչներուն:  

Արցախը Մերն Է

Միջնակարգը յատուկ հանդիսութեամբ ու զարգացման մրցումով նշեց Արցախի տօնը: Օրուան բանախօսն էր Արշօ Պալեան: