Կաղանդ

Կաղանդի տօնական մթնոլորտ քոլէճէն ներս. Մանկապարտէզի աշակերտները եւ իրենց ծնողները  ուրախ պահեր անցուցին կաղաղանդա պապուկին հետ: Անոնք երգեցին, պարեցին ու Ծնունդի թատրոնը ներկայացուցին իրենց ծնողներուն: Քոլէճի ամբողջ աշակերտութիւնը Ս. Հաղորդութիւն ստացաւ, որմէ ետք դասարանները իրենց դաստիարակներուն հետ, իւրաքանչիւրը  իր ձեւով դիմաւորեց կաղանդը: Երկրորդ դասարանը իր դաստիարակ՝ Տիկ. Լենա Արապօղլեանի կազմակերպութեամբ  ծնողները հրաւիրեց իրպատրաստած Ծնունդի Թատրոնին, […]

«ԺԱՆ ԱՊԱՃԵԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ»ի Բացում

Հինգշաբթի, 18 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00ին, Հովանաւորութեամբ՝ Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Շահէ Եպս. Փանոսեանին, Ազգային   Եղիշէ   Մանուկեան   Քոլէճին մէջ բացումը կատարուեցաւ «ԺԱՆ ԱՊԱՃԵԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ»ին: Արդարեւ, քոլէճի ծնողք՝ հանգուցեալ Պրն. Ժան Ապաճեանի այրին, տիկ. Նորա Ապաճեան, իր ամուսինին փափաքը իրականացնելու եւ յիշատակը յաւերժացնելու համար գրադարանին նորոգութեան եւ սարքաւորման համար նուիրեց 23 հազար Ամ. Տոլարի գումար […]

Ամանորի Տօնավաճառ

Ազգ.  Ե.  Մանուկեան  Քոլէճի՝ «Աւանդական  Տօնավաճառ»-ի  Բացում  Երեքշաբթի, 9  Դեկտեմբերի  առաւօտեան  ժամը  10:30-ին,  Սիրան  Մանուկեան  սրահին  մէջ  տեղի ունեցաւ  Ազգ.  Ե.  Մանուկեան  Քոլէճի Տիկնանց  Յանձնախումբի  կազմակերպած «Աւանդական  Տօնավաճառ»-ի  բացման  պաշտօնական  հանդիսութիւնը,  նախագահութեամբ՝  Տիկ.  Սալբի Գասպարեանի: Տօնավաճառի  բացման  ժապաւէնը  կտրուելէ  ետք,  խօսք  առաւ  Քոլէճի  Տիկնանց  Միութեան  ատենապետուհի՝  Տիկ.  Նայիրի   Ադամեանը:  Ան  նախ  բարի  գալուստ  մաղթեց  ներկաներուն  […]