Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճը ծնունդ  կ’առնէր 1963ին, ՄԱՐՏԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶ- ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆ  ձեւին եւ անունին տակ՝ վաթսուն աշակերտներով։

Սակայն այդ դպրոցն ալ ունէր գաղափարի իր նախահայրը։ Արդարեւ, Երջանկայիշատակ Սահակ Ա. Խապայեան Կաթողիկոսի օրով իսկ, 1930ական թուականներուն, Անթիլիասի Կաթողիկոսարանին կից բացուած է փոքր դպրոց մը՝ շրջակայքի հայութեան զաւակներուն համար, ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ  Վարժարան անունով։

1963ին, Երջանկայիշատակ Խորէն Ա. Բարոյեան Կաթողիկոսի օրով, Մարտիկեան նախակրթարանի առաջին տեսուչը  կ’ըլլայ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Պէրպէրեան։

1965ին տեսուչի պարտականութիւնը կը ստանձնէ Գերպ. Տ. Ներսէս Ծ. Վրդ. Բախտիկեանը։

Տարի մը ետք, Մարտիկեան Վարժարանի տեսչութիւնը կը ստանձնէ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Աշճեան (այդ օրերուն վարդապետ), այժմ վախճանած, որ միեւնոյն ատեն կը կատարէր Դպրեվանքի տեսչութեան պարտականութիւնը։ Իբրեւ փոխ տեսուչներ իրեն կ’օգնէին Հոգշ. Տ. Օշական Աբղ. Չոլոյեանը (այժմ Առաջնորդ Քուէյթի Հայոց) եւ այդ օրերուն Աբեղայ՝ այժմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Հոգշ. Տ. Արամ Աբղ. Քէշիշեանը։

1969ին, Լիբանանի Թեմի Ազգային Վարչութեան Ուսումնական Խորհուրդի կողմէ Վարժարանը ղեկավարելու պարտականութեան կը հրաւիրուի Պրն. Սարգիս Չոլոյեան, որ նախ՝ իբրեւ աւագ ուսուցիչ, ապա՝ տնօրէն, կը գործէ մինչեւ 1984-1985 ուսումնական տարեշրջանի աւարտը։ Իր օրով է, որ Մարտիկեան Նախակրթարանը, 1981էն սկսեալ, քայլ առ քայլ կը բարձրանայ Միջնակարգ Վարժարանի աստիճանին։

Այդ տարիներուն վարժարանին աշակերտութեան թիւը զգալի աճ կ’արձանագրէ եւ դպրոցին շէնքը՝ Մայրավանքի շրջափակէն ներս, իր դասարաններով եւ մանաւանդ խաղավայրով, նեղ կու գար եւ տեղի չգոյութեան պատճառով աշակերտ կը մերժուէր։

1984-1985 տարեշրջանին, դժուարին այդ կացութենէն դուրս կու գայ Մարտիկեան Վարժարանը շնորհիւ Երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի կարգադրութեան։ Արդարեւ, Պրն. ՎԱՉԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆի իշխանական նուիրատուութեամբ գնուած եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տրամադրութեան տակ դրուած Տպայէի ընդարձակ հողաշերտը  (10,000 քառ. մեթր) եւ անոր վրայ գտնուող դպրոցական շէնքերը կը տրամադրուին Լիբանանի Ազգային Իշխանութեանց՝ այնտեղ փոխադրելու համար Ազգ. Մարտիկեան Վարժարանը։ Այս կարգադրութենէն ետք է, որ Վարժարանը կ’անուանուի բարերար Վ. Մանուկեանի հօր անունով եւ 1985-1986 տարեշրջանէն սկսեալ կը դառնայ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ։

1985-1986 տարեշրջանին տնօրէնի պաշտօնին կը  հրաւիրուին Տօքթ. Բաբգէն Փափազեան եւ Օրդ. Մանուշակ Պոյաճեան։  Յաջորդ տարուան աւարտին վարժարանը կու տայ իր առաջին հունձքը եւ կը դառնայ ամբողջական Քոլէճ։

1990 Փետրուարէն՝  Տօքթ. Բ.Փափազեանի մահէն ետք, Օրդ. Մ.  Պոյաճեան  կը վարէ  տնօրէնութեան պաշտօնը մինչեւ իր մահը՝ 2005 Մարտին։

2005 Սեպտեմբերին, Օրդ. Սեդա Պոյաճեան կը նշանակուի տնօրէն։

1993 Հոկտեմբերին պաշտօնապէս բացումը կը կատարուի արդիական Մանկապարտէզին, որ կը կառուցուի նոյնպէս բարերարութեամբ Պրն. Վաչէ Մանուկեանի եւ որուն մօր անունով կը կոչուի ԱԶԳԱՅԻՆ ՍԻՐԱՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶ: